2016-05-26 09:10:00

Սարկաւագներու Ողորմութեան Յոբելեան 27-29 Մայիս` ''Սարկաւագը ողորմութեան պատկեր''։


(Ռատիօ Վատիկան) 27-29 Մայիս 2016-ին,  Ողորմութեան Սուրբ տարուայ ծիրէն ներս, Հռոմի մէջ տեղի կ՛ունենայ սարկաւագներու Ողորմութեան յոբելեանը։

Յոբելեանի նշման առթիւ տեղի կ՛ունենան հաւաքներ եւ խորհրդածութիւններ որոնց ընթացքին կը շօշափուին հետեւեալ նիւթերը ''Սարկաւագը ողորմութեան պատկեր նոր Աւետարանութեան ի սպաս'', ''Աւետարանութիւն ընտանիքէն ներս, հովուական կեանքին մէջ ու աշխատանքի միջավայրին մէջ''։

Յոբելենական երրօրեայ նշման երկրորդ օրը նախատեսուած է ուխտագնացութիւն դէպի Սուրբ Պետրոսի տաճարի Սուրբ Դուռ ապա յաջորդաբար տեղի կ՛ունեան ս. Ժամ, Ամենասուրբ Հաղորդութեան երկրպագութիւն եւ խոստովանանք։

Երեկոյեան ժամը 5-ին խորհրդածութիւն մը պիտի կատարուի ''Սարկաւագը կանչուած է ըլլալու սիրոյ պարգեւատուն'' նիւթին մասին։

Երրորդ ու վերջին օրը` Կիրակի 29 Մայիսին, Ողորմութեան Յոբելեանին առթիւ Հռոմ ժամանած բոլոր սարկաւագները իրենց մասնակցութիւնը պիտի բերեն Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ ֆրանչիսկոս Պապին, առաւօտեան ժամը 10-ին գլխաւորած Սուրբ պատարագի հանդիսաւոր զոհին։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.